ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ճեմարանի Լսարանական Միութիւնը Չորեքշաբթի, 19 Սեպտեմբեր եւ Չորեքշաբթի 3 Հոկտեմբեր 2012-ին ընտրեց իր վարչութիւնը հետեւեալ ձեւով. -Ժ. դասարանէն՝ Նժդեհ Գարագաւորեան եւ Մելանի Քաժաքճեան -ԺԱ. գրականէն՝ Ալիք Գանտահարեան -ԺԱ. գիտականէն՝ Նարէ Աղասարգիսեան -ԺԲ. գրականէն՝ Նիկոլ Ալեքսանտրեան -ԺԲ. գիտականէն՝ Մայք Արապաղեան Մէկ շաբաթ ետք, Չորեքշաբթի 10 Հոկտեմբերին, աշակերտները ընտրեցին Լսարանական Միութեան նախագահը։ Ընտրութիւնը վարեց Պրն. Վաչէ Ծատուրեանը, օժանդակութեամբ՝ Պրն. Անդօ Գալեմքէրեանի։ Լսարանական Միութեան նախագահ ընտրուեցաւ ԺԲ. գրական դասարանէն՝ Սերժ Ղարիպեան։ Վարչութիւնը 11 Հոկտեմբեր 2012-ին գումարեց իր առաջին ժողովը, որուն ընթացքին մշակեց իր տարեկան ծրագիրը։ Յաջորդ շաբաթ, Լսարանական Միութեան պատասխանատու Պրն. Վաչէ Ծատուրեան ներկայացուց այս տարուան խմբակները՝ Հայ Դատ, Հայկական Ձեռագործ, աշխարհաքաղաքականութիւն, ժամանակակից երաժշտութիւն, լսատեսողական, հայ գաղութներ, հայկական երաժշտութիւն։ Ապա նախագահը ներկայացուց տարեկան ծրագիրը, որ կ՚ընդգրկէ հետեւեալները. -Pasta night -Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի շէնքի կառուցման 25 ամեակի նշում -Նիկոլ Աղբալեանի մահուան 65 ամեակի նշում -Լսարանական Միութեան Կաղանդի տարեկան խրախճանք -Արցախեան ազատագրութեան նուիրուած ձեռնարկ -Հետախուզական արշաւ Մզհերի մէջ -Բարեկենդանի խրախճանք -Ձիւնագնացութիւն -Ուսուցիչներու տօն -Ապրիլ 24, ձեռնարկ եւ քայլարշաւ դէպի Անթիլիասի մայրավանք Լսարանական Միութեան Վարչութիւն