ԿՈՂՈՎԱԳՆԴԱԿԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԽԱՂ

Կազմակերպութեամբ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Լսարանական Միութեան, Ուրբաթ, 24 նոյեմբեր 2023-ին, կողովագնդակի բարեկամական խաղ մը տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան տղոց խումբին եւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի կողովագնդակի խումբին միջեւ, Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան սրահին մէջ, ժամը 8։30-ին։

Խաղը աւարտեցաւ Լսարանական Միութեան տղոց խումբին յաղթանակով, 47-21 արդիւնքով։

Սարին Մահտեսեան