ԿԱՂԱՆԴԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Կազմակերպութեամբ Լսարանական Միութեան, երկրորդական բաժինի աշակերտներս, այս տարին փակեցինք աւանդութիւն դարձած տարեկան կաղանդի խրախճանքով։ Հաճելի խաղեր խաղալով, երգելով ու պարելով, անմոռանալի յիշատակներ ստեղծեցինք իրարու հետ։ Խրախճանքը աւարտեցաւ հայկական ճոխ մթնոլորով։

Սարին Մահտեսեան