Հինգշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 8։30-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան Ամանորի խրախճանքը, Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան սրահէն ներս, մասնակցութեամբ՝ Music People-ի։ Ընթրիքէն ետք, սկսաւ երգն ու պարը։ Խանդավառ մթնոլորտի մէջ աշակերտները ուրախ եւ հաճելի ժամեր անցուցին։ Անմոռանալի երեկոյ մըն էր մասնաւորաբար աւարտական դասարանի աշակերտներուս համար, որովհետեւ քանի մը ամիսէն պիտի բաժնուինք այս ընտանեկան ջերմ մթնոլորտէն։ Սեպուհ Թորիկեան ԺԲ. դասարան
ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ
