ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 60 ԱՄԵԱԿ

29 Նոյեմբեր 1951-ին կը մահանայ Հայ Ճեմարանի հիմնադիրներէն Լեւոն Շանթ։ Չորեքշաբթի, 30 Նոյեմբեր 2011-ին «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ Լսարանական Միութիւնը նշեց մեծ հայուն ու մեծ մանկավարժին մահուան 60 ամեակը ներկայութեամբ միջնակարգի ու երկրորդականի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն։ Ձեռնարկին բացման խօսքը կարդաց Լսարանական Միութեան նախագահ Սարհատ Գեթսեմանեան, ապա Թ. դասարանէն Գուրգէն Փափազեան ասմունքեց Լեւոն Շանթի «Ես պատրանքը սիրեցի» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Լեւոն Շանթի կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը։ Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ Օրդ. Ալիս Գազանճեան, որ աշակերտած է Լեւոն Շանթի, ապա երկար տարիներ մաս կազմած Ճեմարանի անձնակազմին, նախ՝ իբրեւ ուսուցիչ, հետագային՝ իբրեւ կրթական պատասխանատու։ Օրդ. Ալիս աշակերտներուն պատմեց, թէ ի՛նչպէս ինք ազգային վարժարանը աւարտելէ ետք յաճախեց Ճեմարան եւ առաջին անգամ հանդիպեցաւ Լեւոն Շանթի։ Ան ըսաւ. «Լեւոն Շանթ մանկավարժութիւն կը դասաւանդէր մեզի։ Հոյակապ մանկավարժը, որ չէր հաւատար պատիժի ու նիշի, մեզի սորվեցուց ի՛նչպէս վարուիլ աշակերտին հետ, ի՛նչպէս խօսիլ անոր հետ»։ Օրդ. Ալիս շարունակեց պատմել, թէ ի՛նչպէս 1945-ին Ճեմարանը աւարտելէ ետք, Լեւոն Շանթ զինք կանչած էր ու խնդրած որ թուաբանութիւն դասաւանդէ։ Այնուհետեւ Օրդ. Ալիս իր նախասիրած ճիւղը փոխելով կը մասնագիտանայ մանկավարժութեան ու հոգեբանութեան մէջ, հետեւելով իր պաշտած տիպարին՝ Լեւոն Շանթին։ «Եթէ մեռնիմ ու պատահի որ նորէն ծնիմ, նորէն ուսուցիչ կ՚ըլլամ»,- ըսաւ ան։ Յուշ մը եւս պատմելով Օրդ. Ալիս աւարտեց իր խօսքը։ « Հիւանդ էր Լեւոն Շանթ. մահէն առաջ, Նոյեմբերի վերջին օրերուն, իրեն այցելութեան գացինք։ Իր մասին չխօսեցաւ, հարցուց դպրոցին մասին, հարցուց ,թէ քանի՞ հոգիէ բաղկացած են դասարանները եւ զգուշացուց, որ դասարանի մը աշակերտութեան թիւը 24-ը չանցնի…։ Այսպէս էր Լեւոն Շանթ, իր զաւկին մահուան յաջորդ օրը դպրոց ժամանած ու սովորականին պէս իր պարտականութիւնը կատարած անձին խօսքը կրկնենք՝ ՄԱՀԸ ԻՐ ՃԱՄԲՈՎ ԿԵԱՆՔԸ ԻՐ ՃԱՄԲՈՎ ու շարունակենք մեր առաքելութիւնը»։ Լեւոն Շանթի մահուան 60 ամեակին նուիրուած ձեռնարկը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգի երգեցողութեամբ։