ԺԱԳ ՔԷՊԱՏԵԱՆ՝ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՐԸ

Հինգշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2015-ին, Ճեմարան այցելեց ֆրանսահայ բեմադրիչ Ժագ Քէպատեան, որ Լսարանական Միութեան աշակերտներուն ցուցադրեց իր “Dis-moi pourquoi tu danses”-ը: Ան շուրջ մէկ ժամուան տեւողութեամբ ներկայացուց հայ պարարուեստը ֆրանսահայ գաղութին մէջ: Ինչո՞ւ պարը: Պարը, որովհետեւ հայ ժողովուրդը միացնող ազդակ մըն է եւ առաւելաբար հասկնալի է բոլոր ազգերէն: Պարը, որովհետեւ կը խորհրդանշէ միութիւնը, զօրութիւնը: Սէրուժ Յովսէփեան ԺԱ. դասարան