ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2016-ին Լսարանական Միութիւնը գումարեց իր առաջին ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ միութեան միամեայ ծրագիրը, որ կ՚ընդգրկէ հետեւեալները.

 

-Քարոզչական/դաստիարակչական ձեռնարկներ՝ Հայաստանի երկրաշարժի զոհերու յիշատակի ոգեկոչում, Ճեմարանի նահատակներուն նուիրուած ձեռնարկ, զարգացման մրցում, Արցախի ազատամարտիկներուն նուիրուած ձեռնարկ, Ցեղասպանութեան ոգեկոչում, դասախօսութիւններ՝ Հայ Դատ, զինուորական եւ արաբական աշխարհին մասին:

 

-Ընկերային ձեռնարկներ՝ Նոր Տարուան խրախճանք, ձիւնագնացութիւն, խորովածի երեկոյ, բարեկենդան, հայկական երեկոյ:

 

Ժողովի ընթացքին թելադրուեցաւ, որ լսարանական իւրաքանչիւր խմբակ տարեշրջանի աւարտին կազմակերպէ իր գործունէութեան արգասիքը հանդիսացող ձեռնարկ մը:

 

Լսարանական Միութեան Վարչութիւն