Չորեքշաբթի, 17 Ապրիլ 2013-ին, տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան 2012-2013 տարեշրջանի երկրորդ եւ վերջին ընդհանուր ժողովը։ Լսարանական Միութեան նախագահ Սերժ Ղարիպեան ներկայացուց միութեան այս տարուան ծրագիրն ու գործունէութիւնը, որուն արժեւորումը կատարուեցաւ երկրորդական դասարաններու աշակերտներուն կողմէ։ Մեծամասնութեամբ իրագործուած են ծրագրին մէջ ընդգրկուած ձեռնարկները։ Վարչութեան գանձապահ Նիկոլ Ալեքսանդրեան ներկայացուց հաշուեկշիռը։ Վարչութեան քով մնացած գումարը պիտի բաժնուի հետեւեալ ձեւով. -2.000 000 լ.ո.՝ Ճեմարանի սաներու ֆոնտին. -3.000 000 լ.ո.՝ «Անթուան Քեհեայեան-Սըր»ի հիմնադրամին. -300.000 լ.ո.՝ 2013-2014 տարեշրջանի Լսարանական Միութեան. Սերժ Ղարիպեան ԺԲ. դասարան
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
