Չորեքշաբթի, 18 Ապրիլ 2012-ին, տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան տարեվերջի ընդհանուր ժողովը։ Երկրորդական դասարաններու աշակերտները արժեւորեցին Լսարանական Միութեան վարչութեան 2011-2012 տարեշրջանի ծրագիրն ու գործունէութիւնը։ Մեծամասնութեամբ իրագործուած են ծրագրին մէջ ընդգրկուած ձեռնարկները՝ Karaoke night, Լեւոն Շանթի մահուան 60 ամեակ, Ամանորի խրախճանք, Արցախեան ազատագրական պայքարին նուիրուած ձեռնարկ, ձիւնագնացութիւն։ Վարչութեան գանձապահ Խաժակ Գասպարեան ներկայացուց հաշուեկշիռը։ Մեծամասնութեան համաձայնութեամբ, վարչութեան քով մնացած 500 ԱՄՆ տոլարի գումարը որոշուեցաւ նուիրել Ճեմարանի սաներու ֆոնտին։ Սեպուհ Թորիկեան ԺԲ. դասարան
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
