ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2024-ին, տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան վերջին ընդհանուր ժողովը: Խօսք առաւ միութեան նախագահ Հրակ Դրօ Կիւրիւնլեան, որ յայտնեց 2023-2024 տարեշրջանին միութեան կատարած ձեռնարկներուն ընթացքը եւ նշեց որ վարչութիւնը իր կարելին ըրաւ, որ յաջող գործունէութիւն ունենայ:

Ներկայացուեցաւ ամբողջ տարուան ընթացքին միութեան ապահոված շահը՝ 14 690 000 լ ո եւ 1013$, որ նուիրուեցաւ Ճեմարանի Սաներու ֆոնտին:

Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ վարչութեան գործունէութեան քննարկում: