ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Հինգշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2019-ին Լսարանական Միութիւնը գումարեց իր առաջին ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին նախագահը՝ Ռուբէն Խաչատուրեան, ներկայացուց միութեան միամեայ ծրագիրը:

Լսարանական Միութեան պատասխանատուներէն Խաչիկ Հրակ Տէմիրճեան ամփոփ ձեւով ներկայացուց միութեան գործելաձեւը եւ այս տարեշրջանի 8 խմբակները, ապա միութեան անդամները որոշեցին իրենց տարեկան ցենզը: 

Լսարանական Միութեան Վարչութիւն