ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Չորեքշաբթի, 14 Ապրիլին, տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան այս տարեշրջանի ընդհանուր ժողովը։ Միութեան նախագահ Նժդեհ Մկրտիչեան կարդաց Լսարանական Միութեան այս տարուան ծրագիրն ու գործունէութիւնը ընդգրկող տեղեկատուն, ապա վարչութեան գանձապահ Պերճ Քերթեշեան ներկայացուց հաշուեկշիռը։ Լսարանականները առիթը ունեցան լուսաբանական հարցումներ ուղղելու եւ քննարկելու վարչութեան աշխատանքը։ Վարչութեան առաջարկով եւ մեծամասնութեան համաձայնութեամբ, վարչութեան քով մնացած 300 ԱՄՆ տոլարի գումարը որոշուեցաւ նուիրել Ճեմարանի սաներու ֆոնտին։ Կարօ Ֆէսլեան ԺԲ. դասարան