Չորեքշաբթի, 30 Մարտ 2011-ին, Լսարանական Միութեան Վարչութեան հրաւէրով «Վանայ Ձայն»ի տնօրէն Աւօ Կիտանեան այցելեց Ճեմարան եւ հանդիպում ունեցաւ Լսարանական Միութեան աշակերտութեան հետ։ Աւօ Կիտանեան խօսեցաւ Հ.Հ. Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ «Սփիւռքահայութեան Լաւագոյն Ռատիոկայան» ընտրուած «Վանայ Ձայն»ի 25 տարուան գործունէութեան մասին, ռատիոկայանը նկատելով հայապահպանման սատարող յոյժ կարեւոր լրատուական միջոց մը։ Հանդիպման աւարտին աշակերտները յայտնեցին իրենց մտահոգութիւնները ռատիոկայանին մասին, ինչպէս նաեւ գնահատեցին անոր աշխատանքը։ Հինգշաբթի, 31 Մարտին, «Վանայ Ձայն»ի 25 ամեակին առիթով կայացած ռատիոթոնին, Լսարանական Միութիւնը նուիրեց 350000 լ.ո.։ Կարօ Ֆէսլեան ԺԲ. դասարան
ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»ԻՆ
