Չորեքշաբթի, 26 Յունուար 2011-ին, Լսարանական Միութեան վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Ճեմարանի 80 ամեակին նուիրուած զարգացման մրցանքը, որուն մասնակցեցան երկրորդական բաժնի աշակերտները՝ իւրաքանչիւր դասարանէ 10 հոգիէ բաղկացած խմբակով մը։ Հարցարանը կ՚ընդգրկէր Ճեմարանի վերաբերող 24 հարցումներ՝ քայլերգ, հիմնադիրներ, թուականներ, տնօրէններ, շրջանաւարտներ, եւայլն…։ Զարգացման մրցանքը վարեց վարչութեան նախագահ Նժդեհ Մկրտիչեան, իսկ մնացեալ վարչականները կատարեցին պատասխանները հաւաքելու եւ հարցումները պաստառով ցուցադրելու աշխատանքները։ Դատական կազմի անդամներն էին Վաչէ Ծատուրեան, Սեդա Խտըշեան եւ Անդօ Գալեմքերեան։ Աշակերտներուն կանխաւ թելադրուած էր պատրաստութիւնը Ճեմարանի մասին պատի թերթի աշխատանքի մը, որ պիտի կազմէր նիշին 20 %ը։ Մրցանքի աւարտին 30.5 նիշ ապահովեցին Ժ. դասարանի աշակերտները, 36 նիշ՝ ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները։ Յաղթական նկատուեցան Աւարտական դասարանի աշակերտները, որովհետեւ միայն իրենք կատարած էին պատի թերթի աշխատանքը։ Մրցանքը շատ յաջող ընթացաւ, Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան սրահին մէջ ամբողջ ժամ մը հաճելի մթնոլորտ կը տիրէր։ Ներկայ գտնուող աշակերտներն ու ուսուցիչները գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն։ Կարօ Ֆէսլեան ԺԲ. դասարան
ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑԱՆՔ
