Չորեքշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2011-ին Լսարանական Միութիւնը հիւրընկալեց Տիգրանակերտի Հայրենակցական Միութեան վարչութեան անդամ Կիրօ Մարտիրոսեան, որ ներկայացուց Միութեան կատարած ուխտագնացութիւնը դէպի Տիգրանակերտ՝ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ օծման առթիւ, 22 Հոկտեմբեր 2011-ին։ Կ. Մարտիրոսեան նկարներու ցուցադրութեամբ աշակերտներուն ներկայացուց 7 խորան ունեցող Ս. Կիրակոս եկեղեցին, որ 1400 Քառ. Քմ. Տարածք ունի եւ կ՚ընդունի 3000 ուխտաւոր։ Ան պատմեց ուխտագնացութեան ընթացքին պատահած յատկանշական դէպքեր, ինչպէս նաեւ քիւրտերու ընդունելութեան մասին։ Ներկայացման աւարտին Կ. Մարտիրոսեան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներոււն։ Անտրէա Գաժագժեան ԺԲ. դասարան
ԴԷՊԻ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏ
