ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԶԱՐԴԱՐԱՆՔԻ ՄՐՑԱՆՔ

Լսարանական Միութեան կազմակերպած դասարանի լաւագոյն զարդարանքի մրցանքին առիթով, Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին ճոխ մթնոլորտ ստեղծուած էր միջնակարգի եւ երկրորդական բաժինի աշակերտներուն մօտ։

Երկու շաբթուան ընթացքին, զբօսանքներուն, աշակերտները խանդավառութեամբ եւ մրցակցութեան բարձր ոգիով զարդարեցին իրենց դասարանները։

Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2023-ին, Ճեմարանի նկարչութեան ուսուցիչ պրն. Գրիգոր Արբաճեանի ցուցմունքով եւ առաջնորդութեամբ Լսարանական Միութեան ուսուցիչներէն բաղկացած դատակազմը շրջեցաւ բոլոր դասարանները եւ գնահատելէ ետք իւրաքանչիւր դասարանի աշխատանքը, ընտրեց լաւագոյն զարդարանքով դասարանները։ Հաւասարապէս յաղթական հանդիսացան միջնակարգի՝ Թ.2 դասարանը եւ աւարտական՝ գրական եւ գիտական դասարանները։

Սարին Մահտեսեան

Լոռի Բակլայեան