ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2012-ին, դպրոցի ուսուցիչ Ճորճ Գրիգորեան Լսարանական Միութեան աշակերտութեան դասախօսեց աղէտներու կանխարգիլման զանազան ձեւերուն մասին։ Դասախօսը բացատրեց, թէ ի՛նչպէս կարելի է խուսափիլ բնութեան աղէտներու մեծ մասէն, պարզապէս գիտնալով, թէ ի՛նչպէս պէտք է հակազդել։ Դասախօսութեան աւարտին աշակերտները իմացան, թէ գիտակից միտքի պատրաստութիւնը անհրաժեշտ է որեւէ աղէտ կանխարգիլելու համար։ Սերժ Ղարիպեան ԺԲ. դասարան