ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2012-ին, դպրոցիս տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան Լսարանական Միութեան աշակերտութեան դասախօսեց հայկական ցեղասպանութեան մասին։ «Ցեղասպանութիւն» բառին իմաստը բացատրելէ ետք, տնօրէնը ներկայացուց տարբեր երկիրներու կեցուածքը ցեղասպանութեան հանդէպ։ Ապա ան խօսեցաւ հայ ժողովուրդին վրայ տեղահանութեան ձգած հետքերուն մասին։ Ան շեշտեց հայ աշակերտին կատարելիք դերը պահանջատիրութեան զանազան աշխատանքներուն մէջ։ Իր խօսքի աւարտին, տնօրէնը Լսարանական Միութենէն խնդրեց այս հարցին անդրադարձող ուսումնասիրական բնոյթի աշխատանքներ կատարել եւ զանազան ձեռնարկներ կազմակերպել 2012-2013 տարեշրջանին ընթացքին ։ Անի Անտոնեան ԺԲ. դասարան