ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 12 Յունուար 2011-ին, Ճորճ Գրիգորեան Լսարանական Միութեան աշակերտներուն ներկայացուց «Թուրքիոյ Լիբանան եւ Միջին Արեւելք թափանցումը եւ անոր ազդեցութիւնը մեր ապագայ ծրագիրներուն վրայ» նիւթը։ Առաջին հանգրուանը եւ առաջնակարգ նպատակը տնտեսական էր,- «Թրքական թափանցումը սկսաւ երբ թուրքերը շուկաներ ստեղծեցին իսլամ եւ արաբախօս երկիրներուն մէջ»,- ըսաւ ան եւ յաջորդաբար անդրադարձաւ որդեգրուած իւրաքանչիւր հանգրուանի մասին, թէ ի՛նչպէս թուրքերը յաջողեցան մուտք գործել Միջին Արեւելք ծրագրաւորուած ձեւով։ Առաջին հերթին ան յիշեց որ Թուրքիոյ համար բաւական դժուար էր այս թափանցումը, արաբներուն հետ ունեցած իր պատմական անցեալին պատճառով։ Նաեւ աւելցուց թէ ան առաջին պետութիւնն էր, որ ճանչցած էր արաբական աշխարհի թշնամին՝ Իսրայէլը։ Այսուհանդերձ արաբները կուրօրէն անոր կը նային իբրեւ հերոս, որովհետեւ Կազայի պաշարման ժամանակ, թուրքերը հերոսաբար օգնութեան նաւատորմիղ մը ղրկեցին։ Անոնք խիստ աշխատանք տարին փոխելու իրենց պատկերը արաբական աշխարհին դիմաց։ Յաջորդ հանգրուանը եղաւ քարոզչական գետնի վրայ՝ դէպի արաբական աշխարհ արաբերէն լեզուով յայտագիրներու արբանեակային պատկերասփռումը, ուր Թուրքիա իր գաղափարը կը հասցնէ ուզած ձեւով, շատ լաւ սերտուած նիւթերու ընդմէջէն։ Քաղաքական գետնի վրայ, աւելցուց դասախօսը, 1993 թուականին լիբանանեան պատմութեան դասագիրքերու բովանդակութիւնը փոխուեցաւ։ Օսմանեան կայսրութեան գործած վայրագութիւնները ներկայիս չեն յիշուիր կամ շատ հարեւանցի կը խօսուի անոնց մասին, չի շեշտուիր Լեռնալիբանանի բնակչութեան մէկ երրորդին բնաջնջումը օսմանցիներուն ձեռքով։ Նաեւ Լիբանանի մէջ լիբանանեան կարգ մը թերթեր դրականօրէն կ՚արտայայտուին Թուրքիոյ հանդէպ։ Նոյնն է պարագան արաբական աշխարհին։ Մամուլին մէջ գրեթէ ամէնօրեայ դարձած են թրքանպաստ կամ հակահայ յօդուածները։ Տնտեսական ազդեցութեան մասին պէտք չունինք երկար խօսելու, ըսաւ Ճորճ Գրիգորեան, արդէն տասնեակ մը տարիներէ ի վեր լիբանանեան շուկան լեցուն է թրքական արտադրութիւններով։ Ապա ան խօսեցաւ կատարուած անսովոր դէպքերու մասին, որոնք կը փաստեն թէ Թուրքիան քաղաքական ազդեցութիւն կը բանեցնէ արաբական աշխարհին վրայ եւ հակահայ ընթացք կը պարտադրէ։ Օրինակ Սուրիոյ մէջ անցեալ տարի արգիլուեցաւ Ապրիլ 24-ի յիշատակին մասին վաւերագրական տեսերիզի մը նկարումը։ Այս գծով նաեւ հետզհետէ նկատելի դարձաւ Լիբանանի պետութեան ներկայացուցիչներու բացակայութիւնը ցեղասպանութեան ոգեկոչումներուն։ Իր խօսքի աւարտին Պրն. Ճորճ հարց տուաւ, թէ ի°նչ կրնայ ըլլալ Թուրքիոյ Միջին Արեւելք թափանցելու յաջորդ հանգրուանը։ Ի՞նչ միջոցներու կրնայ դիմել ան։ Եզրակացնելով՝ հայը ի՞նչ կրնայ ընել այս կացութեան մէջ։ Թուրքիոյ առած քայլերուն դէմ համապատասխան աշխատանք տանելու գծով մեզմէ իւրաքանչիւրը իր միջավայրին մէջ ընելիք ունի։ Կարօ Ֆէսլեան ԺԲ. դասարան