Չորեքշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2011-ին Լսարանական Միութեան հիւրը եղաւ սփիւռքահայ գրագէտ Գրիգոր Պլըտեան, որ եղած է 1964-ի ճեմարանաւարտներէն։ Համալսարանական ուսումը սկսած է Լիբանան, ապա մեկնած է Ֆրանսա եւ ստացած փիլիսոփայութեան տոքթորա։ Պլըտեան խօսեցաւ հայագիտութեան կարեւորութեան մասին։ Ան նախ բացատրեց համալսարանական վկայականներու աստիճանները եւ անդրադարձաւ իր ամպիոնի, որ ստեղծուած է 1798-ին Նափոլէոնի կողմէ։ Հայագիտութիւնը գիտութիւն մըն է, ըսաւ ան, ուր կը սորվինք հայոց պատմութիւնը, հայկական մշակոյթը եւ հոգեբանութիւնը։ Այս գիտութիւնը, երկար պատրաստութիւն կը պահանջէ. նախ կը սկսի բանասիրութեամբ, գրաբարի, արեւմտահայ եւ արեւելահայ հայերէնի դասընթացքներով, ինչպէս նաեւ կարելի է շարժանկարներու դասընթացքներով, որոնք սկսեր էին 1920-էն ի վեր։ Պլըտեան նաեւ մեզ տեղեկացուց պատմութեան ու գրականութեան ամպիոններուն մասին, որոնք կը գտնուին Ամերիկայի մէջ, ինչպէս Berkley, UCLA…։ Ըստ Պլըտեանի, Հայագիտութիւնը անհարաժեշտ է, սորվելու համար հայ ժողովուրդին վերաբերող բոլոր կալուածներուն, նուաճումներուն մասին։ Ան նաեւ շեշտեց, թէ այս գիտութիւնը անդադար զարգացումի մէջ է։ Վերջապէս Պլըտեան խօսեցաւ կարգ մը պատմաբաններու մասին, որոնք հայ չեն, ոչ մէկ կապ ունին հայերուն հետ, եւ որոնք ժամանակի ընթացքին սկսած են հետաքրքրուիլ հայոց պատմութեամբ։ Գ. Պլըտեան իր խօսքը աւարտեց նշելով, որ ժամանակի ընթացքին նոր կալուածներ կ՚աւելնան այս մարզէն ներս, ինչպէս՝ ներկայիս ցեղասպանութիւնը դարձած է հայագիտութեան շատ կարեւոր ճիւղերէն մէկը։ Անտրէա Գաժաքժեան Փաթիլ Տէտէեան ԺԲ. դասարան
ԳՐԻԳՈՐ ՊԼԸՏԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
