ԳԱԳԻԿ ԿԻՆՈՍԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 16 Յունուար 2013-ին, Լսարանական Միութիւնը ընդունեց իւրայատուկ հիւր մը՝ պարուսոյց Գագիկ Կինոսեանը։ Դպրոցի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան ներկայացուց արեւելահայ պարուսոյցը։ Գագիկ Կինոսեան գիտութեան, յատկապէս՝ ուսողութեան մասնագէտ է, ինչպէս նաեւ՝ ազատամարտիկ։ Ան մեծ փափաք ունեցած է մօտէն ծանօթանալու հայկական պարին, հետեւաբար մտած է այդ ասպարէզին մէջ։ Տնօրէնին բարի գալուստի խօսքէն ետք, Գագիկ Կինոսեան աշակերտներուն մանրամասնօրէն ներկայացուց հայկական պարի էութիւնը։ Ան շեշտեց, թէ պարը իբրեւ նպատակ ունի ազգային ոգիի զարթնումը, եւ թէ «Հայ մեծանալու համար հայկական պարը անհրաժեշտ է»։ Պարուսոյցը աշակերտներուն տաբեր անկիւնով դիտել տուաւ պարը, որմէ ետք անոնք նոր տպաւորութիւններ ունեցան պարին մասին։ Ըստ Գագիկ Կինոսեանի, մարդ իր զգացումները շարժումներու միջոցով է, որ կ՚արտայայտէ, հետեւաբար պարի մէջ հոգին եւ մարմինը ներդաշնակ են։ Բաւական մանրամասնելէ ետք, հիւրը իր ներկայացումը ամբողջացուց տեսասալիկներով՝ շուրջպարեր, որոնք համայնքի ամբողջականութեան նշան են։ Դասախօսութեան աւարտին, Կինոսեան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն՝ անոնց մէջ արթնցնելով պարի ոգին։ Փաթիլ Պապիկեան ԺԲ. դասարան