Հինգշաբթի, 22 Փետրուար 2018-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան կազմակերպած Արցախի գոյամարտի 30 ամեակին նուիրուած ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները:
Ձեռնարկը սկսաւ Արցախի քայլերգին ունկնդրութեամբ, ապա տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն, որմէ ետք բացման խօսքը ընթերցեց Ժ. դասարանէն Շահան Հաւաթեան. ան Արցախի ազատագրման շարժումի հոլովոյթին անդրադառնալէ ետք, հաստատեց երիտասարդ սերունդին յանձնառութիւնը՝ շարունակելու պայքարը յանուն ամբողջական Հայաստանի կերտման:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Զաքար Քէշիշեան, որ Արցախի գոյամարտի օրերուն իր ապրած փորձառութիւններէն զանազան դրուագներ պատմելով խօսեցաւ արցախցիներու քաջութեան, աննկուն կամքին ու պայքարի ոգիին մասին:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Լսարանական Միութեան նուագախումբը, ապա Ռազմիկ Տէրունեան ասմունքեց Յ. Թումանեանի «Հոգեհանգիստ»ը, որմէ ետք ձեռնարկը փակուեցաւ «Իմ Սէր Արցախ» երգով:
Նանի Գալուստեան
ԺԲ. գիտական