Չորեքշաբթի, 15 Փետրուար 2012-ին, Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Լսարանական Միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Արցախեան պայքարին նուիրուած ձեռնարկ՝ Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան սրահին մէջ: Ձեռնարկի բացման խօսքը ընթերցեց Լսարանական Միութեան նախագահ Սարհատ Գեթսեմանեան, որ հակիրճ ձեւով ներկայացուց Արցախեան պայքարի նախապատմականը, որ կը սկսի պատմական «Հին Աղուանք»ի տարածքին, 1918-ին Ազրպէյճան կոչուած նորաստեղծ պետութեան մը անկախութեան հռչակումով, ապա՝ Խորհրդային Միութեան առաջնորդ Ստալինի որոշումով ԼՂԻՄ-ի Ազրպէյճանի հողերուն միացումով, հասնելով մինչեւ Արցախեան ազատագրական պայքարի սկիզբ: Բացման խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ 1988-էն մինչեւ 1994-ի զինադադարը ներկայացնող տեսերիզի ցուցադրութիւն, որմէ ետք խօսք առաւ օրուան բանախօս Բենիամին Պչաքճեան: Բանախօսը համակարգչային սալիկներով ներկայացուց Ստալինի անարդար որոշումով Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ ինկած Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը, որ սահման չունէր Հայաստանի հետ: 1921-էն 1988 պետական քաղաքականութեամբ քիւրտեր ու թուրքեր բնակուեցան Արցախը Հայաստանին միացնող տարածքին վրայ, որպէսզի սահման չմնայ: Այդ տարածքը Հայաստանին վերամիացնելու համար դէպի Մոսկուա կատարուած բազմաթիւ դիմումները մնացին անպատասխան: Բ. Պչաքճեան այնուհետեւ անցաւ 20 Փետրուար 1988, երբ Խորհրդային Միութեան փլուզման օրերուն Ղարաբաղի խորհրդարանը մեծամասնութեամբ քուէարկեց Ազրպէյճանի խորհրդային հանրապետութենէն անջատուելու եւ խորհրդային Հայաստանի հանրապետութեան միանալու որոշումը, որուն հետեւանքով տեղի ունեցան Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ բազմահազար հայերու ջարդն ու տեղահանութիւնը: Ազերիական բռնութիւններուն ու հալածանքին դէմ սկսաւ հայկական պայքարը՝ վերագրաւելու եւ տիրանալու պապենական հողերուն: Պչաքճեան Արցախի ազատագրման հանգրուաններն ու ազատագրուած տարածքները քարտէսի ցուցադրութեամբ ներկայացնելէ ետք, ըսաւ.«Եթէ միջազգային հանրութիւնը կ’ընդունի Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ այլ պետութիւններու անկախութիւնը, ապա ան պէտք է ընդունի նաեւ 1991-ի Ղարաբաղի անկախութեան հանրաքուէն»: Արցախի վերարանկախացման զանազան հանգրուանները մինչեւ 2006-ի զինադադարը ներկայացնելէ ետք, Բ. Պ. ցուցադրեց 11.500 Քառակուսի ՔՄ տարածք ունեցող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քարտէսը, սահմանակից երկիրները, 7 մարզերը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւրին գիւղատնտեսական թէ ռազմավարական կարեւորութիւնը: Բ.Պ. անդրադարձաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի հովանիին տակ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն այժմու հանգրուանին: Արցախի պատմական կոթողներու ու վայրերու պատկերներու ցուցադրութենէն ետք, Բ.Պ. իր խօսքի աւարտին ներկայացուց Արցախ Ֆոնտի «Նոր կեանք,նոր յոյս» ծրագիրը, որ կը միտի Արցախի ազատագրուած տարածքները վերաբնակեցնելու համար բնակչութեան կենսամակարդակը բարձրացնել: Ան ըսաւ.«Մեր ճիտին պարտքն է ազատագրուած տարածքները վերաբնակեցնել, զանոնք գրաւիչ դարձնել ու կենցաղային հանգստաւէտ պայմաններ ստեղծել»: Բանախօսութենէն ետք, Մարլինա Քէշիշեան նուագեց “Կախարդական Սրինգ”ը, որուն յաջորդեցին Սասնոյ լեռնցիներու պարը եւ Գետաշէն երգը: Ձեռնարկը փակուեցաւ Արցախի քայլերգով:
ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ
