ԱՐԱՐԱՏԻ ԳԱԳԱԹԸ ՆՈՒԱՃԱԾ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՉՈՐՍ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2019-ին, Լսարանական Միութիւնը հիւրընկալեց անցնող ամրան Արարատ լեռը բարձրացած Ճեմարանի չորս շրջանաւարտները՝ Արզնի Արսլանեանը, Նարօտ Քեչեպաշեանը, Քրիստ Բրուտեանը եւ Սագօ Եագուպեանը:

Լեռնագնացութեան վերաբերող տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, անոնք խօսեցան դէպի Արարատ ուխտագնացութեան ժամանակ իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ այնպիսի զգացումներու մասին, որոնք ըստ իրենց՝ ո՛չ գրիչով եւ ոչ խօսքով կ’արտայայտուին:

Շրջանաւարտ մեր ընկերները պատմեցին նաեւ արեւմտահայաստանի մէջ իրենց այցելած յատկանշական վայրերուն մասին, ինչպէս՝ Կարս, Անի, Աղթամար, եւայլն: Անոնք 12 երկիրներէ ժամանած 47 հայ երիտասարդներու հետ հասան իրենց սրբազան նպատակին եւ եռագոյնն ու Ճեմարանի դրօշը պարզեցին Արարատի գագաթին:

Արզնին, Նարօտը, Քրիստը եւ Սագօն իրենց ոգեւորութեամբ եւ հպարտութեամբ մեր մէջ աւելի եւս ամրապնդեցին Արարատ լեռը բարձրանալու ձգտումը:

Մեր հարցումներուն պատասխանելէ ետք, միասնաբար երգեցինք «Տուն իմ հայրենի», ապա շրջանաւարտ մեր ընկերները հրաժեշտ տուին մեզի:

Շրջանաւարտները Արարատէն բերուած քար մը եւ իրենց խմբանկարը նուիրեցին դպրոցին։

Սինթիա Պայրաքտարեան
ԺԱ. դասարան