ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ՝ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՐԸ

Հինգշաբթի, 18 Յունուար 2018-ին, Ճեմարան այցելեց երգիծաբան Վահէ Պէրպէրեան: Ան տնօրէնութեան հետ կարճ հանդիպումէ մը ետք, շրջեցաւ դպրոցին մէջ ու տեսակցեցաւ աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն հետ:

Ժամը 1:30-ին Վահէ Պէրպէրեան Լսարանական Միութեան հիւրն էր: Աւարտական դասարանէն Ռազմիկ Տէրունեան ներկայացուց զինք, ապա տեղի ունեցաւ հաճելի զրոյց մը. ան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն միաժամանակ հետաքրքրական դրուագներ պատմելով իր կեանքէն ու թատերական փորձառութենէն: