ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (L.A.U.)

16 Նոյեմբեր եւ 6 Դեկտեմբեր 2017-ին, L.A.U. համալսարանի ընդունման գրասենեակէն ներկայացաւ Մեղրի Խօշեան եւ երկրորդական բաժինի ԺԲ. եւ ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն լուսաբանութիւններ տուաւ համալսարանի տարբեր մասնագիտութիւններուն եւ զեղչի դրութեան, ինչպէս նաեւ՝ զայն աւարտելէ ետք գործի կարելիութիւններուն մասին:

ՍԵՌԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2017-ին, կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, տեղի ունեցաւ սեռային դաստիարակութեան դասապահ մը՝ Զ. դասարաններու աշակերտներուն համար։ Մանկաբոյժ Տոքթ. Պերճ Տագէսեան աշակերտներուն խօսեցաւ մարդակազմութեան, երկրորդական սեռային յատկութիւններուն եւ սերնդագործութեան մասին, ապա ան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։ Առիթէն օգտուելով, զբօսանքի դադարին, Է. եւ Ը. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ Ընկերային…

ԿԸ ՍՈՐՎԻՆՔ ԴԵՂԻՆ ԳՈՅՆԸ

Նորսիկեան մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները սորվեցան դեղին գոյնը եւ դեղին փուչիկներով տուն վերադարձան:

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 66-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Կազմակերպութեամբ միջնակարգի աշակերտներուն, Երեքշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2017-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լեւոն Շանթի մահուան 66-րդ ամեակին նուիրուած ձեռնարկը: Ճեմարանի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Թ. դասարանէն Սիրվիա Պապոյեան եւ Ալիք Ճինպաշեան ընթերցեցին բացման խօսքը, որմէ ետք Ը. դասարանէն Արամ Հանտեան, Հրակ Լախեան եւ Լորի Եահնիեան ասմունքեցին «Գիշերապահը»,…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՆՐԱԽԱՆՈՒԹ

Ուրբաթ, 1 Դեկտեմբեր 2014-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու աշակերտները այցելեցին «Bou Khalil», ծանօթացան հանրախանութի տարբեր բաժիններուն եւ գնեցին սննդարար ուտելիքներ: Երեքշաբթի առաւօտեան, նախաճաշի պահուն, աշակերտները մեծ ուրախութեամբ ճաշակեցին իրենց գնած սննդարար ուտելիքները:

ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ ԴԱՍԱՊԱՀ «ՄԵԾ» ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտներուն հետ  արաբերէն լեզուի հաճելի դասապահ մը անցուցին: Անոնք խօսեցան ու կարծիքներ փոխանակեցին հայրենիքի եւ հայրենասիրութեան մասին: Աշակերտները արտայայտուեցան հայրենիքի նկատմամբ քաղաքացիին ունեցած պարտաւորութիւններուն մասին եւ ամրապնդեցին իրենց սորված բառամթերքը:

ԿԱՊՈՅՏ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Նորսիկեան մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու աշակերտները այցելեցին դպրոցին մօտակայ յարկաբաժին մը, դիտելու տան զանազան բաժանումները եւ ամրապնդելու համար դասարանէն ներս իրենց սորվածները։  

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Չորեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2017-ին, ԺԲ. դասարանէն Հրակ Մեսրոպեան եւ Սարօ Փիլիպոսեան ներկայ գտնուեցան Հայկազեան համալսարանի «business school»-ի դասապահու մը: Այսպիսի պահեր յատկացուած են աւարտական դասարանի աշակերտներուն, որպէսզի տեսնեն եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանան իրենց ընտրելիք մասնագիտութեան մասին: