ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «MIM» ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 18 Հոկտեմբեր 2017-ին, միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները այցելեցին «MIM» թանկագին քարերու թանգարանը՝ իբրեւ գիտութեան դասի արտադասարանային աշխատանք:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՅՆՃԱՐ

Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2017-ին, տարրական բաժինի երկրորդ դասարանի աշակերտները այցելեցին Այնճար, որպէսզի գիտութեան «Ծանօթանանք պարտէզներուն» բնաբանը գործնական ձեւերով սորվին: Աշակերտները դիմաւորուեցան քաղաքապետարանի անդամներուն կողմէ եւ ճաշակեցին քաղաքապետարանի տրամադրած նախաճաշը  բնութեան մէջ, ապա ուղղուեցան դէպի ելակի պարտէզ, ուր դիտեցին եւ համտեսեցին ելակները: Քաղաքապետարանի ոստիկաններուն առաջնորդութեամբ փոքրիկները ուղղուեցան դէպի խնձորի…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ

Հինգշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2017-ին, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները այցելեցին Հայկազեան համալսարան, ծանօթանալու համար անոր կառոյցին, անձնակազմին եւ համալսարանական կեանքին: Համալսարանի մուտքին, աշակերտները արդէն իսկ հանդիպեցան Հայկազեան յաճախող ճեմարանաւարտներու. անոնք ջերմօրէն բարեւեցին զիրար: Պրն. Ռազմիկ Գաբրիէլեան (Student affairs office) եւ Պրն. Ռուբէն Մարկոսեան (Recruitment office) ընդունեցին աշակերտները եւ երկու…

ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆ

Կազմակերպութեամբ աւարտական դասարանի աշակերտներուն, Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, տարրական բաժինի Գ. դասարանի, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդական բաժինի աշակերտները հաւաքուեցան բացօթեայ բակը՝ նշելու հայ ժողովուրդի գոյութեան համար շատ կարեւոր տօն մը՝ Թարգմանչաց տօնը: Աւարտական դասարանէն Ալինա Յովսէփեան ընթերցեց թարգմանչաց տօնի կարեւորութեան մասին գրութիւն մը, որուն աւարտին ըսաւ. «Մեր…

«Midad: The public and intimate lives of Arabic Calligrapgy»

Հինգշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2017-ին, միջնակարգի եօթներորդ դասարանի աշակերտները ընկերակցութեամբ իրենց ընդհանուր պատմութեան եւ արաբերէն լեզուի ուսուցչուհիներուն, առիթը ունեցան այցելելու Պէյրութի Քլէմանսօ թաղամասին մէջ գտնուող Տար էլ Նիմր-ի կողմէ կազմակերպուած «Միտատ՝ Արաբական տառերու հանրային և մտերմիկ կեանքերը» վերնագիրը կրողը ցուցահանդէսը, որ սերտօրէն կ’առնչուի «Histoire-Géographie» (Պատմութիւն-Աշխարհագրութիւն) դասանիւթի այս տարուան ծրագիրին:…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ «ՍԵՄԱՍ»-Ի ՄՐՑԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

28 Օգոստոս 2017-ին Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ GAJSMA (Կլոպըլ ասոսիէյշըն աֆ ճեփընիզ Սորպոն էնտ մենթըլ արիթմեթիք)-SEMAS(Սորպոն էճիւքէյշըն ֆոր մենթըլ արիթմեթիք սիսթըմ) թուաբանական մրցանքը, որուն մասնակցեցան 92 աշակերտներ՝ հինգ տարբեր մասնաճիւղերէ: Կը շնորհաւորենք Ճեմարանի հետեւեալ աշակերտները, որոնք արժանացան գնահատանքներու. Աւօ Խաչատուրեան, Վարդան-Էլի Իրատեան, Կարէն Ճինպաշեան, Վիքի Կիրակոսեան եւ Արէն…

ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Ամառուան արձակուրդէն ետք, վերջապէս Նորսիկեան մանկապարտէզէն լսուեցան մանկական ուրախ կանչերն ու երգերը: Երեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2017-ին, կանաչ դասարաններու աշակերտները հաւաքուեցան Նորսիկեան մանկապարտէզի բակը իրենց վիզերէն կախած ժպտուն դէմքեր՝ կանաչ եւ նարնջագոյն ակնոցներով: Երեխաները բակին մէջ պարելէ ետք ուղղուեցան պարտէզ, ուր կրկնեփուկ կերան եւ պատմեցին, թէ ի՛նչպէս անցուցին ամրան…

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

Ճեմարանի մանկամսուրի 2017-2018 տարեշրջանը արդէն իսկ սկսած է ուրախ ու խանդավառ մթնոլորտով: Մանկամսուրէն ներս կատարուած նորութիւններուն մասին հետեւեցէ՛ք մեր լուրերուն յառաջիկայ շաբաթներուն:

ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2017-2018 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ հետեւեալ հանգրուաններով. Սեպտեմբեր 12-ին  երկրորդական բաժինի, ինչպէս նաեւ միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները արդէն իսկ վերադարձան դպրոց: Սեպտեմբեր 19-ին ամբողջացաւ միջնակարգի վերամուտը: Երեքշաբթի, 26 Սեպտեմբերը վերամուտն էր նախակրթարանի, իսկ Չորեքշաբթի՝ տարրականի բաժինի աշակերտներուն: Հինգշաբթի 28 Սեպտեմբերին, տարրական բաժինի Ա….