ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀՐՇԷՋՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆ

Ուրբաթ, 31 Մարտ 2017-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին հրշէջներու կեդրոն, Պուրճ Համուտ։ Աշակերտները դիտեցին հրշէջին տարազն ու ինքնաշարժը եւ ստացան համապատասխան բացատրութիւններ: Անոնք դիտեցին նաեւ շտապ օգնութեան հիւանդատար մեքենան եւ սորվեցան, թէ ի՛նչպէս կը տեղափոխեն հիւանդը: Աշակերտները սորվեցան հրշէջի գործին կարեւորութիւնը: Անոնք ամրապնդեցին իրենց…

«ԹՈՐՈՍ ՌՈՍԼԻՆ» ԿԵՐՊԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑԻ ԳԾԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ԳԱԼԻՆ ԳԻԼԵՃԵԱՆ՝ ԵՐԿՐՈՐԴ

Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներէն «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ միջդպրոցական գծագրութեան մրցում «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ, Պուրճ Համուտ, Շաբաթ, 25 Մարտ 2017-ին: Այս մրցանքին մասնակցեցան Ճեմարանի աշակերտներէն՝ Քրիսթինա Քիլիսեան (Գ. դասարան), Գորիս Թաշճեան (Դ. դասարան) եւ Զ. դասարանէն Գալին Գիլեճեան, որ երկրորդ հանդիսացաւ: Կը շնորհաւորենք Գալինը:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Հինգշաբթի, 30 Մարտ 2017-ին, հայերէն լեզուի դասանիւթի ծիրէն ներս, Դ. դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանք։ Այցելութեան նպատակն էր կրօնագիտական եզրերու ծանօթացումը։ Հայր Նշան աշակերտներուն ներկայացուց եկեղեցւոյ զանազան բաժինները (գաւիթ, ատեան, դաս, բեմ, մկրտութեան սենեակ, աւանդատուն…) եւ եկեղեցական իրերը։ Հայր Նշան բացատրեց…

ԼՐԱԳՐՈՂ-ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԽՕՍ ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 27 Մարտ 2017-ին, Ճեմարան այցելեց քառօրեայ պատերազմի նահատակ Նորայր Հաջեանի հայրը` լրագրող-հրապարակախօս Միքայէլ Հաջեանը: Հաջեան հանդիպում ունեցաւ Ճեմարանի տնօրէնութեան, ապա երկրորդական բաժինի 11-րդ եւ 12-րդ  դասարաններու աշակերտութեան հետ: Քրիստ Բրուտեանի բացման խօսքէն ետք, խօսք առաւ Միքայէլ Հաջեան եւ բարձր գնահատեց հայեցի  դաստիարակութեան համար ի գործ դրուող ջանքերը…

ԹԱՏՐՈՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ

Երկուշաբթի, 27 Մարտ 2017-ին, Ճեմարան այցելեց Երեւանի Տիկնիկային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար եւ տնօրէն, Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկի «Դերասանի վարպետութեան եւ բեմադրութեան» ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Ռուբէն Բաբայեան: Ան տնօրէնութեան հետ հանդիպումէ մը ետք, շրջեցաւ դպրոցէն ներս եւ  դիտեց զբօսանքին տեղի ունեցած աշակերտական կարճ բայց տպաւորիչ ներկայացումները: Աւարտական դասարանի…

SCIENCE FAIR

30 Մարտ-էն 2 Ապրիլ 2017-ի շաբաթավերջին, Ճեմարանը մասնակցեցաւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի (American University of Beirut) եւ ֆրանսական համալսարանի (Université Saint-Joseph) կազմակերպած գիտութեան, թուաբանութեան եւ արհեստագիտութեան ցուցահանդէսներուն (SMEC Science Fair – Foire des sciences): Գիտութեան ցուցահանդէսները այն վայրն են, ուր աշակերտները գիտական փորձեր կը կիրարկեն՝ իրենց հետախուզութեան պատասխանները գտնելու…