ԼԵՌՆԱԳՆԱՑ ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 14 Նոյեմբեր 2016-ին Ճեմարան այցելեց ֆրանսահայ լեռնագնաց Արա Խաչատուրեան, որ այս տարուան Մայիսին բարձրացած էր Էվերեսթի գագաթը (8848 մ.) եւ իր նուաճումը նուիրած հայ ժողովուրդին: Տնօրէնութեան կողմէ հիւրընկալուելէ ետք, Արա Խաչատուրեան «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ Զ.էն ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուց իր իրագործումը: Միաժամանակ ան…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2016-ին, Ճեմարան այցելեցին Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի ներկայացուցիչներ՝ ընդունման գրասենեակէն Տիկ. Արինա Զօհրապեան եւ շարունակական կրթութեան բաժնի տնօրէն եւ դասախօս Պրն. Սերգէյ Թանթուշեան: Անոնք հանդիպում ունեցան երկրորդական բաժնի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտութեան հետ եւ ներկայացուցին համալսարանի կրթական դրութիւնը: Տիկ. Արինա անդրադարձաւ հայրենիքի մէջ ուսանելու հոգեկան…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԲՈՅՍ» ՋԵՐՄՈՑԱՏՈՒՆ

Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2016-ին, նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները այցելեցին Զալքայի մէջ «Բոյս» ջերմոցատունը: «Բոյսերը եւ մարդուն դերը անոնց բեղմնաւորումին մէջ» գիտութեան դասի թեման ընդլայնելու, գիտնի վրայ զայն շօշափելի դարձնելու, անոր կարեւորութեան անդրադառնալու ու մասնագիտական բացատրութիւն ստանալու միտումով դիմեցինք «Բոյս» հաստատութեան տնօրէն, բուսաճարտարագէտ, նախկին ճեմարանական Կարէն Եօսուլքանեանին, որ սիրայօժար…

ՆԱՐՕՏ ԿԻՒՐԻՒՆԼԵԱՆ ՝ ԱԽՈՅԵԱՆ

Կիրակի, 6 Նոյեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ Լիբանանի մարմնամարզութեան (gymnastique-ի) ախոյեանութիւնը: Ճեմարանի նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտուհի Նարօտ Կիւրիւնլեան հանդիսացաւ 2007-2008-ի ծնունդներու ախոյեան: Ան ստացաւ նաեւ 3 ոսկի եւ երկու արծաթ մետալ: Կը շնորհաւորենք Նարօտը եւ նորանոր նուաճումներ կը մաղթենք իրեն:

ՔՐՈՍ ՔԱՈՒՆԹՐԻ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբի կազմակերպած 2016 – 2017 տարեշրջանի առաջին մարզական մրցաշարքը՝ Եղբ. Վարդգէս Էսքիպաշեանի յիշատակին նուիրուած Քրոս Քաունթրին տեղի ունեցաւ Կիրակի, 6 Նոյեմբեր 2016-ին, Այնճարի թաղամասերուն մէջ, հովանաւորութեամբ եւ գործակցութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այնճարի վարչութեան ու սկաուտական խորհուրդին: Ստորեւ Ճեմարանի աշակերտներուն ապահոված արդիւնքները.- 2005…

ԴԷՊԻ ԱՅՆՃԱՐ

Հինգշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան, ԺԱ. դասարանի աշակերտները ճամբայ ելան դէպի Այնճար: Աշակերտներուն այցելութիւններու յայտագիրը սկսաւ «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային կեդրոնէն, ուր յուշակոթողին մօտ, զիրենք դիմաւորեց Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, որ ներկայացուց Այնճարի ամփոփ պատմութիւնը: Աշակերտները Հ. Յ. Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութեան անդամ Ժագ Տաղլեանի առաջնորդութեամբ շրջեցան կեդրոնի զանազան…

ԱՇՆԱՆ ՊՏՈՒՂՆԵՐՈՎ ԿԱՐԿԱՆԴԱԿ

Ուրբաթ, 4 Նոյեմբեր 2016-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի աշակերտները դիտելէ ետք աշնան պտուղները, անոնցմով կարկանդակ պատրաստեցին ու ճաշակեցին:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹ

Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2016-ին, մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին «Մուաաուատ» գրախանութը՝ ամրապնդելու համար գրախանութի վերաբերեալ իրենց գիտելիքներն ու բառամթերքը։ Անոնք շրջեցան գրախանութին զանազան բաժինները եւ դիտեցին գրենական պիտոյքները։ Այցելութեան աւարտին, աշակերտները նուէրներ ստացան գրախանութէն:

MODEL UNITED NATIONS (MUN)

Այս տարի եւս, Ճեմարանի Ժ. դասարանէն 16 աշակերտներ պիտի մասնակցին Լիբանան-Ամերիկեան համալսարանի (LAU) «MUN Global Classrooms»-ի վարժանքներուն: Այս վարժանքներուն ընթացքին, Լիբանանի տարբեր դպրոցներէ եկած աշակերտներ դէմ յանդիման պիտի գան աշխարհը յուզող ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական հրատապ տագնապներուն: Անոնք պիտի սորվին զարգացնել իրենց փնտռտուքի, դիւանագիտական յարաբերութեան, հանրային հրապարակախօսութեան եւ…