ԳԱՂԹՈՂ ԹՌՉՈՒՆՆԵՐ

Չորեքշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2014-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարաններու աշակերտները գաղթող թռչուններ շինեցին: Հայերէն լեզուի դասապահուն կատարուած ձեռային այս աշխատանքը կ’առնչուի աշնան բնաբանին:

ԽԱՉՔԱՐԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Հայերէնի դասապահուն, նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները դիտեցին խաչքարի պատրաստութեան մասին տեսերիզ մը եւ իրենց ուսուցչուհիին հետ կատարեցին ձեռային աշխատանք մը։ Աշակերտներէն իւրաքանչիւրը կաւով պատրաստեց խաչքար մը եւ իր հնարամտութեամբ զարդարեց ու գեղեցկացուց զայն։ Գիտելիքներու ամրապնդման զուգահեռ, այս աշխատանքը նպաստեց հայկական մշակոյթի ծանօթացման։

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ

Աշխարհագրութեան դասանիւթի ծիրէն ներս, Լիբանանի գլխաւոր քաղաքներու մասին իրենց ստացած գիտելիքները ամրապնդելու համար, նախակրթարանի Ե. դասարաններու աշակերտները կատարեցին դասարանային խմբակային աշխատանք՝ ուսուցիչին հսկողութեամբ: Իւրաքանչիւր խմբակի անդամները ներկայացուցին քաղաք մը եւ անոր մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց դասընկերներուն: