LIVING COLORS

Չորեքշաբթի, 9 Մայիս 2012-ին, մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ հաճելի ժամեր անցուցին «Living Colors» խաղավայրին մէջ։ Անոնք միասին խաղալէ ու զուարճանալէ ետք, շատ ուրախ, բայց նոյն ատեն յոգնած վերադարձան դպրոց։

ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹ

Տարրական բաժինի մէջ, 23-27 Ապրիլ երկարող շաբաթը յայտարարուեցաւ «ընթերցանութեան շաբաթ»։ Երկրորդ եւ երրորդ դասարանի աշակերտները լեզուի դասապահերուն գրադարանէն ընտրեցին եւ կարդացին իրենց նախասիրած գիրքերը՝ ուսուցիչին հսկողութեամբ եւ օգնութեամբ։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿԵՆԴԱՆԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՐՏԷԶ

Ուրբաթ, 27 Ապրիլ 2012-ին մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի աշակերտները այցելեցին կենդանաբանական պարտէզ, ուր դիտեցին անասունները եւ ստացան իւրաքանչիւր անասունի համապատասխան բացատրութիւններ։ Աշակերտները այս այցելութեամբ ամրապնդեցին անասուններու մասին իրենց գիտելիքները: Անոնք հաճելի ժամանակ անցուցին եւ ուրախ ու խանդավառ վերադարձան դպրոց։

ՊԱՐՏԻԶՊԱՆՆԵՐ

Մայիս ամսուն հաճելի է խաղալով գիտելիքներ ամրապնդել պարտէզին մէջ։ Մանկապարտէզի վարդագոյն (Օրդ. Սիլվա) դասարանի աշակերտները պարտիզպաններ դարձած, բահ ու բրիչով զինուած՝ գեղեցկացուցին դպրոցի պարտէզներէն մէկը։ Անոնք փորեցին, հերկեցին, ցանեցին ու ցնցուղով ջրեցին հողը։

ԱՐՍԼԱՆԵԱՆՆԵՐԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ճեմարանի աւագ բարերար Արսլանեան ընտանիքէն Տիկին Շաքէ Հայկ Արսլանեան եւ իր զաւակը՝ Արմէն, Շաբաթ 5 Մայիս, 2012-ին, կէսօրէ ետք, այցելեցին Ճեմարան: Անոնք հանդիպում ունեցան տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի հետ, ապա անոր ընկերակցութեամբ այցելեցին Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան սրահ, ինչպէս նաեւ շրջեցան դպրոցի զանազան բաժինները:

ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԳԻՐՔԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ

Երկուշաբթի, 9 Ապրիլ 2012-ին տեղի ունեցան Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրատարածի կազմակերպած մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէսի փակման հանդիսութիւնը եւ ընթերցանութեան ու գիրքի պատրաստութեան մրցանակաբաշխութիւնները: Գիրքի պատրաստութեան մրցանքին միջնակարգի Է. եւ Թ. դասարանի աշակերտները տիրացան Ա. մրցանակին, իսկ Ը. դասարանի աշակերտները՝ Բ. մրցանակին։ Ստորեւ Ճեմարանի ընթեցանութեան մրցանքի մրցանակակիր…