«Midad: The public and intimate lives of Arabic Calligrapgy»

Հինգշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2017-ին, միջնակարգի եօթներորդ դասարանի աշակերտները ընկերակցութեամբ իրենց ընդհանուր պատմութեան եւ արաբերէն լեզուի ուսուցչուհիներուն, առիթը ունեցան այցելելու Պէյրութի Քլէմանսօ թաղամասին մէջ գտնուող Տար էլ Նիմր-ի կողմէ կազմակերպուած «Միտատ՝ Արաբական տառերու հանրային և մտերմիկ կեանքերը» վերնագիրը կրողը ցուցահանդէսը, որ սերտօրէն կ’առնչուի «Histoire-Géographie» (Պատմութիւն-Աշխարհագրութիւն) դասանիւթի այս տարուան ծրագիրին:

Աշակերտները ծանօթացան ցուցափեղկերու ետին ցուցադրուած արաբական տառերու առաջին նմուշներուն, որոնք ստեղծուած էին իսլամութեան ծնունդէն հարիւր (100) տարիներ առաջ, ապա հետևեցան այդ նախանմուշներուն զարգացման հոլովոյթին դարերու ընթացքին  եւ աշխարհագրական տարբեր շրջանակներու մէջ:

Աշակերտներուն համար հետաքրքրական էր տեսնել, թէ ի՛նչպէս այդ գեղեցիկ ձեւով գծագրուած տառերը զանազան նիւթերու վրայ զետեղուելով՝ մագաղաթ, թուղթ, փայտ, քար, մետաղ, կերպաս, հայելի …  կ’արտացոլէին իսլամ կրօնքը ընդունած ժողովուրդներու  կամ պարզապէս արաբախօս հաւաքականութիւններու կրօնական, մշակութային, ընտանեկան, քաղաքական կամ զինուորական կեանքերը:

Ամբողջ այցելութեան ընթացքին, աշակերտները առիթը ունեցան արաբերէն լեզուով իրենց հարցումները ուղղելու ցուցասրահի պատասխանատուին, որ հիացած էր ճեմարանականներու գիտութեան պաշարով եւ արաբերէն լեզուի իմացականութեամբ: