ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 102 ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ԵՒ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ

Երեքշաբթի, 25 Ապրիլ 2017-ին, ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներուն հայոց Ցեղասպանութեան 102 ամեակի ոգեկոչումը:

Ձեռնարկը վարեցին ԺԱ. դասարանէն Սելին Տաքեսեան եւ Ռազմիկ Տէրունեան՝ յայտագրին ընթացքին հայ գրագէտներու ոգեշունչ խօսքեր արտասանելով:

Բացման խօսքը ընթերցեցին ԺԱ. դասարանէն Նանի Գալուստեան եւ Լոռի Գորեսեան: Հայոց ցեղասպանութենէն մինչեւ սփիւռքի կազմաւորում պատմական հոլովոյթին անդրադառնալէ ետք, անոնք ըսին. «Մեր պայքարը կը սկսի հոսկէ, մեր դպրոցէն՝ Ճեմարանէն. մեր լեզուն եւ պատմութիւնը լա՛ւ սորվելով արդէն յաղթած կ’ըլլանք թուրքին նպատակին, ապա՝ կազմելով հայ ընտանիքներ, չձուլուելով  եւ ծառայելով մեր ազգին ու մեր Դատին: Շատ բան վստահուած է մեզի: Ապրիլ 24-ը ցեղասպանութեան ոգեկոչման օր է, իսկ մնացեալ բոլոր օրերը պայքարի օրեր են մեզի համար: Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումը մեր պապերուն կտակն է, մեր պա՛րտքն է, եւ մենք ամենայն յանձնառութեամբ զայն իրագործելու ճանապարհը կը բռնենք»:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ռիթա Մուրատեան (Ժ. դասարան) ասմունքեց Սիամանթոյի «Պարը», որմէ ետք Լորի Եահնիեան (Է. դասարան)  ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Ղօղանջ Եղեռնական»էն հատուած մը: Ապա Կարօ Գրիգորեան (Ժ. դասարան) դաշնամուրով նուագեց «Էլէկիա»: Արամ Հանտեան (Է. դասարան) ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկը», ապա Կայէլ Գրիգորեան (Թ. դասարան)  քանոնով նուագեց «Կիլիկիա»ն, որմէ ետք Հրակ Լախեան (Է. դասարան)  ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Մենք»ը: Մարիա Գաբլանեան (Է. դասարան)  երգեց «Ողբ Ատանայի»՝ նուագակցութեամբ Շահան Նաճարեանի (դաշնամուր), ապա Գարլօ Դարբինեան (ԺԱ. դասարան) ասմունքեց  Գ. Էմինի «Մենք»ը: Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինը փակուեցաւ Ը. դասարանէն խումբ մը աշակերտներու «Ախբերս ու ես» երգով՝ նուագակցութեամբ Ժ. դասարանէն Նարեկ Մեսրոպեանի (կիթառ):

Ամբողջ աշխարհի տարածքին, տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին տեղի ունեցած պահանջատիրութեան երթերու եւ քայլարշաւներու նկարներ ընդգրկող տեսասալիկի մը ցուցադրութենէն ետք, Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեան իր պատգամը փոխանցեց աշակերտներուն: Ան բարձր գնահատեց աշակերտներուն կազմակերպած ոգեկոչման ձեռնարկը եւ ըսաւ. «Դուք այսօր ասմունքով, երգով ու նուագով ձեր յարգանքի տուրքը մատուցեցիք հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին. երբ այսպիսի ձեռնարկ մը աշակերտներո՛ւ կողմէ կը կազմակերպուի ու կը ներկայացուի, մեզի աւելցնելիք չի մնար: Բոլորդ նախորդող օրերուն ներկայ գտնուեցաք ոգեկոչման զանազան ձեռնարկներու կամ դիտեցիք հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած նորագոյն ժապաւէնը, տեղեկացաք զանազան երկիրներու մէջ հայութեան կողմէ կազմակերպուած քայլարշաւներու, հաւաքներու, ջահերթի կամ դասախօսական երեկոներու մասին: Այս բոլորը մեր նահատակներուն յիշատակը յարգելու կողքին, կը միտին համայն աշխարհին յիշեցնել ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում պահանջել: Իբրեւ աշակերտներ, ձեր պայքարի դաշտը ներկայիս ամէն բանէ առաջ հայրենագիտական գիտելիքներով զինուիլն է, հայերէն մտածելով, խօսելով ու գրելով»:

Ձեռնարկէն ետք, Ժամը 9-ին, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները քայլարշաւով գացին Անթիլիասի մայրավանք, ուր տեղի ունեցաւ յիշատակի արարողութիւն եւ ծաղիկներու զետեղում՝ Նահատակաց յուշարձան-մատուռին դիմաց։