ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Երեքշաբթի, 21 Փետրուար 2017-ին, տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնին եւ Արցախի ազատագրական պայքարին նուիրուած ձեռնարկ մը նախակրթարանի Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներուն մասնակցութեամբ:

Բազման խօսքը ընթերցեց Գալին Գիլեճեան, ապա օրուան խորհուրրդը փոխանցեց Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան: Այնուհետեւ Միսաք Պարսումեան կիթառով նուագեց «քամանչա»ն, իսկ Գէորգ Արապաղեան ասմունքեց  Կարէն Դուրինեանի «Հերոսի մահով» բանաստեղծութիւնը, ապա տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն: