«ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ ԶԱՆԱԶԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ»

Միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները, Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին, անգլերէնի դասապահերուն պատրաստեցին «Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ» խորագիրով ներկայացումներ:

Անոնք հետաքրքրական ձեւով՝ պատկերներով եւ պաստառով, իրենց դասընկերներուն ներկայացուցին զանազան երկիրներու մէջ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան սովորութիւնները, ինչպէս նաեւ  հիւրասիրեցին աւանդական ուտելիք եւ անուշեղէն:

Այս աշխատանքին ընթացքին աշակերտները նոր գիտելիքներ ամբարեցին տօնական մթնոլորտի մէջ: