ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

Երեքշաբթի, 25 Ապրիլ 2017-ի առաւօտեան, տեղի ունեցաւ նախակրթարանի աշակերտներուն ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկը, Ճեմարանի «Չալեան» սրահէն ներս:

Զ. դասարանի աշակերտ Ճորճ Տէմիրճեան ընթերցեց բացման խօսքը, ապա օրուան պատգամը փոխանցեց Աշոտ Բագրատունի, որ պատմական արագ ակնարկէ մը ետք, զրոյց-դասախօսութեամբ անդրադարձաւ «Նեմեսիս» գործողութեան, որուն նպատակն էր պատժել թուրք ոճրագործները, ապա բացատրեց, թէ ի՛նչպէս հայութիւնը կազմակերպուեցաւ գաղթօճախներուն մէջ: Հասնելով մինչեւ մեր օրերը, Աշոտ Բագրատունի խօսեցաւ Արցախի քառօրեայ պատերազմին մասին, շեշտելով համայն հայութեան ցուցաբերած հայրենիքի օգնութեան պատրաստակամութիւնը: Իր խօսքի աւարտին ան բացատրեց պահանջատիրութիւն բառին իմաստը, ապա պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն:

Ցեղասպանութեան վերաբերող տեսերիզներու ցուցադրութեամբ աւարտեցաւ ձեռնարկը, որմէ ետք նախակրթարանի աշակերտները միացան միջնակարգի ու երկրորդականի աշակերտներուն դէպի Մայրավանք քայլարշաւին: