ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

Ուրբաթ, 27 Մայիս 2016-ին, կէսօրուան ժամը 1:30-ին, տարրական բաժինի Ա. դասարաններու աշակերտները նշեցին մայրերու տօնը։ Անոնք երգեցին եւ արտասանեցին երեք լեզուներով։ Իւրաքանչիւր աշակերտ մաղթանք կամ խօսք մը ուղղեց իր մօրը, ապա մամաները եւ աշակերտները միասին ճաշեցին։

Յայտագիրը աւարտեցաւ սուրճի եւ կարկանդակի հիւրասիրութեամբ: Մամաները իրենց հետ տարին երկու գեղեցիկ նուէրներ՝ պատրաստուած իրենց զաւակներուն կողմէ։