ՀՕՄ-Ի ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ «ՊԶՏԻԿԵԱՆ» ՊԱՐՏԷԶԻ ԲԱՑՈՒՄ

Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբեր 2017-ին, ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Նորսիկեան մանկապարտէզի «Պզտիկեան» պարտէզի բացումը: Այս գեղեցիկ իրագործումին առիթով կէսօրուան ժամը 1:00-ին Ճեմարան ժամանեցին բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Վահան եւ Նորա Պզտիկեան ընկերակցութեամբ Ճեմարանի բարեկամներու եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներու եւ Ճեմարանի խնամակալութեան անդամներու:

Շրջելէ ետք Ճեմարանի զանազան բաժինները, անոնք այցելեցին մանկապարտէզ, ուր տեղի ունեցաւ մատղաշ սերունդներուն համար փայլուն ապագայի մը կերտումի յոյսով  Տէր եւ Տիկին Վահան եւ Նորա Պզտիկեաններու ծնողներ Յարութիւն եւ Ազնիւ Պզտիկեաններու յիշատակին նուիրուած՝ «Պզտիկեան» պարտէզի բացումը:

Մանկապարտէզի մէջ, երեք փոքրիկներ մօտեցան նուիրատու ամոլին, անոնցմէ մէկը զոյգին յանձնեց պարտէզի բացման վարդագոյն ժապաւէնը, միւսը նուիրեց ծաղկեփունջ մը, երրորդը՝ մանկապարտէզի աշակերտներուն կողմէ Լալայի ու Արայի պայուսակն ու գրենական իրերը յանձնեց անոնց, զայն նուիրելու համար իրենց կրտսերագոյն թոռան՝ Արային։

Ժապաւէնը կտրելէ ետք, Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան ողջունեց հիւրերը եւ Ճեմարանի մեծ ընտանիքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց՝ Ճեմարանի բարգաւաճման սատար հանդիսացող եւ հայ երեխան հայ դպրոցէն ներս պահելու առաքելութիւնը խրախուսող այս իրագործումին համար: Ապա խօսք առաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ բարձր գնահատեց այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը: Ան ըսաւ. «Համազգայինը լաւատեսութեան մարմնացումն է, այդ պատճառով այս ներդրումները կ’ըլլան մանկապարտէզի եւ մանկամսուրի մէջ, որովհետեւ մեծ հաւատք կայ ապագայի հանդէպ: 1987-ին, երբ Ճեմարանի առաջին դպրոցական մասնաշէնքը կը կառուցուէր Ծաղկաձորի մէջ, շրջակայքը ոչ մէկ կառոյց կար, թնդանօթ մը կար միայն: Երբ պատերազմին պատճառով ամէն մարդ կը գաղթէր Լիբանանէն, համազգայինը մեծ հաւատքով դպրոց կը կառուցէր: Շէնքը շինուեցաւ, ռումբ ալ ստացաւ, սակայն ինչպէս կը տեսնենք անիկա գոյատեւեց ու բարգաւաճեցաւ»:

Մկրտիչ Մկրտիչեանի խօսքէն ետք, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ մանկապարտէզի ճաշասենեակէն ներս, ուր ներկաներէն ոմանք այս առթիւ շնորհակալական խօսքեր արտասանեցին: Վահան Պզտիկեանի կինը՝ Նորա Պզտիկեան ընթերցեց այս առիթով իր ամուսնոյն սրտի խօսքը. «Այս պահը շատ յուզիչ է ինծի համար. մտքիս յուշերը ետ կ’երթան աւելի քան վեց տասնամեակներ. կը յիշեմ ծնողքս եւ կը յիշեմ դպրոցս: Ընտանիք եւ դպրոց. Մարդակերտումի երկու կարեւորագոյն դարբնոցներ: Ճեմարան սկսայ յաճախել 1956-ին: Այդ օրերուն մեր դաստիարակներու եւ ուսուցիչներու փաղանգին մաս կը կազմէին ազգային հանրածանօթ դէմքեր եւ նուիրեալներ, որոնք այսօր արդէն հեռացած են մեզմէ: Նուիրեալներ, որոնք ամենայն զոհաբերութեամբ եւ համբերանքով աշխատեցան չարաճճի մանուկը վերածելու ազգային բարձր գիտակցութեամբ եւ զգացումներով օժտուած հայ մարդու: Յիշեմ քանի մը անուններ. մեր տնօրէնը՝ Սիմոն Վրացեան՝ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան վերջին վարչապետը, որ յաճախ սուր հիւմուրով եւ մեղմ ձայնով ինքզինք կ’անուանէր «նախկին վարչապետ, այժմ՝ վարժապետ»: Կարօ Սասունին, որ մեզի կը դասաւանդէր հայերէն լեզու, գրականութիւն եւ հայոց պատմութիւն: Տակաւին մինչեւ այսօր կը յիշեմ եւ կը տեսնեմ իր այդ խոշոր ճերմակ կտաւէ թաշկինակը, զոր ան գրպանէն կը հանէր եւ կ’օգտագործէր իր արցունքները սրբելու համար, երբ ան կը խօսէր, աւելի ճիշդ՝ կը պատմէր մեզի հայ ժողովուրդի ազատագրութեան պայքարի դրուագներէն եւ կամ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան նուաճումի ճակատամարտերու դէպքերէն: Իսկ մենք… «ջորեպաններս» առանց շշուկի եւ ամենայն ուշադրութեամբ կը հետեւէինք իր խօսքերուն եւ բառերուն: Ինչպէս չյիշեմ մեր աւելի նորագոյն ազգային դէմքերէն Մուշեղ Իշխանը եւ Գառնիկ Բանեանը, որոնք ամենայն համբերութեամբ եւ ներողամիտ ոգիով կը տանէին հայ պատանիին անմեղ չարաճճիութիւնները: Երկար է շարքը մեր նուիրեալ դաստիարակներուն եւ ուսուցիչներուն. ես պիտի չյանդգնիմ ամէն մէկուն անունը յիշել հոս: Ճեմարանը ինծի համար եղաւ յոյսի եւ լոյսի փարոս: Յոյս ներշնչեց ինծի, որ բարձրագոյն ուսման ճամբով կարելի է լայն հորիզոններ բանալ կեանքին առջեւ եւ լոյս սփռեց զանազան կարելիութիւններու վրայ, որպէսզի կարենամ ընտրել իմ նախասիրած մասնագիտութիւնս: Ինչպէս կ’ըսէ Արամ Ա. վեհափառ Հայրը դպրեվանքի մասին, Ճեմարանը մեզի համար եղաւ «մարդակերտումի դարբնոց»: Այսօր իմ մաղթանքս է, որ Ճեմարանը անխափան շարունակէ իր առաքելութիւնը` պատրաստելու եկող սերունդներու մեր ազգային առաջնորդները»:

Հիւրասիրութենէն ետք, ներկաները այցելեցին նոր կառուցուող մանկամսուրը, ապա բաժնուեցան Ճեմարանէն՝ յառաջիկային նոր հանդիպման մը յոյսով: