ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ

Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2017-ին, առաջին զբօսանքին, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները հաւաքուեցան իրենց բակը, ուր ԺԲ. դասարանի աշակերտները օրուան պատգամը փոխանցեցին:

Աշակերտները երգեցին Լիբանանի քայլերգը, որմէ ետք Հերա Տէտէեան հայերէն լեզուով եւ Մէյրի Գրիգորեան արաբերէն լեզուով յաջորդաբար ընթերցեցին Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով իրենց խօսքերը: Պատմական ակնարկէ ետք, անոնք հաստատեցին, որ անկախութիւնը պայքարով ձեռք կը բերուի եւ զայն պահելը կ’ենթադրէ նոյնպէս պայքար Լիբանանի սպառնացող յոռի բոլոր երեւոյթներուն դէմ, ինչպէս նաեւ անդրադարձան, որ եղեռնէն ճողոպրած հայ ժողովուրդը ապաստան գտաւ Լիբանանի մէջ, որ իր թեւերը բաց ընդունեց զինք: Հետեւաբար մենք Լիբանանը կ’ընդունինք իբրեւ մեր տունը:

Աշակերտները անկախութեան ոգիով ներշնչուած բարձրացան իրենց դասարանները: