«ԻՄ ԱՐՑԱԽ»

Երկուշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները հաւաքուեցան իրենց բակը, ուր աւարտական դասարանէն Սանան Թապագեան անդրադառնալէ ետք Ռատիոթոնի նպատակին, ըսաւ.

«Մեր նուիրած չնչին գումարները քով-քովի բերելով ամէն տարի Արցախի մէջ կը կառուցուին ճամբաներ, ջրանցքներ, բնակարաններ. անցնող տարիներուն իրագործուեցան օրինակ՝ Արցախի Մարտունի մարզի Սարգսաշէն գիւղի ջրամատակարումը եւ Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիին կառուցումը: Այս տարի, 7 Դեկտեմբեր 2016-ին տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինի կազմակերպած Ռատիոթոնը: Լիբանանահայերս պիտի մասնակցինք մեր սրտաբուխ նուիրատուութեամբ շէնցնելու համար մեր Արցախը: Դրամահաւաքին հասոյթը պիտի տրամադրուի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին աւերուած շրջաններու վերակառուցման նպատակին: Ուստի բոլորս ալ մե՛ր կամքով, մե՛ր սրտով մասնակցութիւն բերենք «Իմ Արցախ» կարգախօսով դրամահաւաքին, որպէսզի Արցախը մի՛շտ մնայ հզօր, ուժեղ եւ անյաղթ»:

Լսելէ ետք Ռատիոթոնի այս տարուան դրամահաւաքին նպատակն ու Սանանին խրախուսիչ խօսքերը, աշակերտները բարձրացան իրենց դասարանները: