ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

Շաբաթ, 17 Յունիս 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ ընտանեկան երեկոյ-քերմէսը:
 
Ճեմարանի ամբողջ անձնակազմը, շրջանաւարտներ, աշակերտներ ու ծնողներ գործի լծուած ներկաներուն պարգեւեցին ընտանեկան հաճելի եւ մտերմիկ ժամեր: Քերմէսի ճոխ ու դաստիարակիչ խաղերուն մասնակցեցան թէ՛ երեխաները, թէ՛ պատանիները:
 
Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր. տարրական եւ նախակրթարան բաժիններու աշակերտները հանդէս եկան երգերով ու պարերով: Ծնողները վայելեցին նաեւ աշակերտներուն գծագրութիւններուն եւ ձեռային աշխատանքներուն ցուցահանդէսը:
 
Ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ ժամեր: Խորովածն ու կրպակներուն մէջ պատրաստուած զանազան ուտելիքները ճաշակելէ ետք, ներկաները Ճեմարանէն մեկնեցան գոհ ու երջանիկ: