ԶՐՈՅՑ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ՎԻԳԷՆ ԹԻՒՖԷՆՔՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2016-ին, երկրորդական բաժինի ԺԲ. գրական եւ ԺԱ. դասարաներու աշակերտները առիթը ունեցան զրուցելու Համազգայինի կեդրոնական Վարչութեան Գանատայի շրջանի ներկայացուցիչ Վիգէն Թիւֆէնքճեանի հետ` օգտուելով վերջինիս Լիբանան այցելութենէն:

ԺԲ. գրական դասարանէն Սէրուժ Յովսէփեան ողջունեց Վիգէն Թիւֆէնքճեանը եւ իր ընկերներուն ծանօթացուց զայն: Երկար տարիներու ուսուցչական ասպարէզի եւ անգլերէն գրականութեան մասնագիտական իր փորձառութենէն օրինակներ տալով ընկ. Վիգէն աշակերտներուն հետ արծարծեց զիրենք յուզող նիւթեր, ինչպէս՝ երկրորդական բաժինի դասարաններու գրական թէ գիտական թեքումները եւ անոնց ընտրութեան դրդապատճառները, Գանատայի հայկական վարժարանի երկրորդական կարգերու կրթական համակարգը, համալսարան մուտքի նախապատրաստական հանգրուանը, Գանատայի համալսարանները, Գանատայի երիտասարդական միութիւնը եւ անոր գործունէութիւնը, եւայլն:

Աշակերտները մեծ գոհունակութեամբ մասնակցեցան մէկ պահուան տեւողութեամբ մտերմիկ այս զրոյցին: