ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈՅՑ

Երեքշաբթի, 23 Յունուար 2018-ին, Ճեմարանի մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտներուն հետ արծարծեց «10-11 տարեկան պատանին իր ընտանիքին մէջ» նիւթը:

Ան խօսեցաւ պատանիին մասին՝ իր ընտանիքին մէջ, դպրոցին մէջ եւ ընկերութեան մէջ առհասարակ. ի՞նչ են անոր պարտաւորութիւնները, իրաւունքները եւ պատասխանատուութիւնները:

Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան եւ սորվեցան բանաձեւել իրենց անձնական կարծիքներն ու համոզումները: