ԳԻՐՔ ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՕՐ

1869 թուականի 19 Փետրուարին ծնած մեծանուն գրող եւ մեծ հայրենասէր Յովհաննէս Թումանեանի յիշատակին կ’առնչուի Հայաստանի մէջ մօտ տասը տարիէ աւանդական դարձած գիրք նուիրելու օրը:

Ամէն տարի արժանավայել կերպով այս օրուան կ’արձագանգեն նաեւ Ճեմարանի աշակերտները՝ իրարու գիրք նուիրելով: Ամեակներով հարուստ այս տարեշրջանին՝ 2018-ին, 19 Փետրուարին, զանազան մակարդակներու վրայ տեղի ունեցան դասարանային աշխատանքներ, ձեռայիններ, գիրքերու փոխանակում, մրցոյթ, պարգեւատրութիւն… տարրական բաժինի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի մէջ: