ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Չորեքշաբթի, 7 Փետրուար 2018-ին, Տիկ. Սօսէ Ճինպաշեան նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտներուն փոխանցեց բարեկենդանի խորհուրդը: Ան աշակերտներուն ներկայացուց «ակլատիզ»ը՝ մեծ պահքի ծիսական տիկնիկը, եւ անոնց սորվեցուց հայկական մանկապատանեկան խաղեր ու երգեր: 

Տիկ. Սօսէ  խօսեցաւ նաեւ կենաց ծառին եւ անոր վերաբերող ժողովրդային աւանդական սովորութիւններուն ու հաւատալիքներուն մասին:  

Յայտագրի երկրորդ բաժինը կ’ընդգրկէր հատիկի հիւրասիրութիւն եւ բարեկենդանի վերաբերեալ ձեռային աշխատանք մը. աշակերտները միասնաբար պատրաստեցին «ակլատիզ»ը, ապա ուրախ-զուարթ մեկնեցան տուն: