ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «DINO CITY» ԵՒ ՀՐԱԺԵՇՏ ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻՆ

Հինգշաբթի, 8 Յունիս 2017-ին, տարրատան բաժինի աշակերտներուն 2016-2017 դպրոցական տարեշրջանի աւարտն էր:

Առաւօտուն, տարեդարձներու տօնակատարութենէն ետք, տարրական բաժինի աւարտականները՝ Գ. դասարաններու աշակերտները, ուղղուեցան դէպի «DINO CITY»: Հոն ծանօթացան տարբեր տեսակի հոյամողէզներու եւ իւրաքանչիւրին մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ստացան: Աշակերտները այցելեցին  նաեւ հոյամողէզներու թանգարանը, ապա ուրախ ժամանակ անցուցին խաղավայրին մէջ: 

«DINO CITY»-ի մէջ, աշակերտները փորձարկեցին հրաբուխը: Անոնք գիտելիքներով հարստացած վերադարձան դպրոց եւ հրաժեշտ տուին տարրական բաժինին: