ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏ ԵՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՇՈՒԿԱՆԵՐ

Եօթներորդ դասարանի ընդհանուր պատմութեան դասանիւթի ծիրէն ներս,  աշակերտները ծանօթացան բիւզանդական մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլիսին, որ կայսրութեան քաղաքական, կրօնական եւ տնտեսական կեդրոնն էր: Հոս կը գտնուէին կայսերական պալատները, Ուղղափառ քրիստոնեաներուն եկեղեցիները, որոնց մէջ կարելի է առանձնացնել Սուրբ Սօֆիա գլուխ գործոց եկեղեցին եւ վերջապէս,  Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի միջեւ կամուրջի դեր խաղացող Կոստանդնուպոլսոյ նաւահանգիստը:

Զուգահեռներ անցընելով երկու մայրաքաղաքներ՝ Կոստանդնուպոլսոյ եւ Պէյրութի միջեւ, աշակերտները անդրադարձան, որ այս վերջինն ալ իր հերթին կը կամրջէ երեք ցամաքամասերը եւ կ’ընդգրկէ երկրի զանազան քաղաքական, կրօնական թէ՝ տնտեսական  կեդրոնները:

Ահա այս գաղափարներէն ելլելով, կազմակերպուեցաւ եօթներորդ դասարանի պտոյտը դէպի Պէյրութի նաւահանգիստ եւ կեդրոնական շուկաներ:

Առաջին հանգրուանն էր Պէյրութի նաւահանգիստը, ուր աշակերտները դիմաւորուեցան Պրն. Րաֆֆի Աշգարեանին կողմէ: Ան նաւահանգիստի ֆինանսներու տնօրէնն է ինչպէս նաեւ Ճեմարանաւարտ է ու Ճեմարանի նախկին ուսուցիչ: Պրն. Րաֆֆի աշակերտները ընդունեց իր գրասենեակէն ներս եւ պատասխանեց անոնց բոլոր հարցումներուն:  Աշակերտները հանրաշարժով շրջեցան նաւահանգիստի տարբեր բաժինները եւ մանրամասն տեղեկութիւններ ստացան նաւահանգիստի կառոյցին, հոն հանգրուանող նաւերուն, նաւահանգիստէն ներս կատարուող առեւտուրին, ծանրաբարձ կռունկներուն, զանազան չափերով բեռնարկղերուն մասին:

Պտոյտի երկրորդ հանգրուանն էր Պէյրութի կեդրոնական  շուկաներու շրջանը: Հոս աշակերտները այցելեցին Ուղղափառներու Սուրբ Գէորգ եկեղեցին, ուր բացատրութիւններ ստացան եկեղեցիի ճարտարապետական թէ դաւանանքային իւրայատկութիւններուն մասին: Աշակերտները այցելեցին նաեւ եկեղեցիին ներքեւ գտնուող թանգարանը, ուր դիտեցին վաւերագրական հետաքրքրական տեսերիզ մը: Շրջագայութեան ժամանակ աշակերտները կանգ առին Մուհամէտ Ալ Ամինի մզկիթին առջեւ, ուր պատմութեան ուսուցչուհին՝ Օրդ. Շողիկը, կարեւոր տեղեկութիւններ տուաւ մզկիթին մասին:

Հետաքրքրական այս այցելութեան աւարտին, աշակերտները դպրոց վերադարձան բարձր տրամադրութեամբ եւ գիտելիքներով հարստացած:

Գալին Գիլեճեան, Կարին Եղիայեան, Լոռի Գարաճեան, Արին Հանաշեան

Է. դասարան