ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»

Ընկերային ծառայութեան գրասենեակի ծրագիրներու ծիրէն ներս, Երեքշաբթի, 26 Ապրիլ 2016-ին նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները ուղղուեցան դէպի «Թռչնոց բոյն»ի մանկապարտէզը, ուր կը յաճախեն 8 աշակերտներ: Ճեմարանի աշակերտները մեծ գոհունակութեամբ իրենց բերած ուտելիքներն ու նուէրները յանձնեցին անոնց, ապա միասնաբար ժամանակ անցուցին:

Զ. դասարանի դաստիարակ՝ Նորա Թաշճեան, աշակերտներուն ներկայացուց «Թռչնոց բոյն»ի պատմութիւնը: Ապա աշակերտները ծանօթացան «Թռչնոց բոյն»ի տնօրէն Պրն. Սամուէլ Պոյաճեանին, որ բարձր գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ իւրաքանչիւր անձ թէկուզ փոքր օժանդակութեամբ օգտակար դարձաւ «Թռչնոց Բոյն»ի աշակերտներուն։ 

Զ. դասարանի աշակերտները այնուհետեւ մտան հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան եւ դիտեցին հոն զետեղուած իրերը, գրութիւններն ու նկարները:

Աշակերտները դպրոց վերադարձան իրենց հետ բերելով 100 տարուան պատմութիւն մը, զոր միշտ պիտի յիշեն: