«ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՊԱՐՏԷԶ»

Ուրբաթ, 25 Օգոստոս 2017-ին աւարտեցաւ Ճեմարանի «Ամառնային պարտէզ» դպրոցը, ուր յաճախեցին տարիքային երկու խմբաւորումներու բաժնուած երեխաներ:

Երկու ամսուան ընթացքին երեխաները հետեւեցան դաստիարակիչ ծրագիրի մը, որ կ’ընդգրկէ   պատմութիւն, գիտական եւ թուաբանական գիտելիքներու խաղեր, հոգեշարժական աշխատանքներ, մարզական խաղեր, ձեռային աշխատանք, խոհանոցային հմտութիւններ, լողաւազան, պտոյտներ, եւայլն:

Երեխաները «Ամառնային պարտէզ»ի ընկերական ջերմ ու հարազատ մթնոլորտին հրաժեշտ տուին իրենց հետ տանելով անհամար գիտելիքներ ու հաճելի յուշեր: