Համազգայինի Ճեմարանի հիմնադրութեան առաջին իսկ օրերէն կը սկսի գործել դպրոցին գրադարանը:

1953-54 տարեշրջանին մշակուած ծրագրին հիմնական կէտերը կ’իրագործուին, եւ երբ Ճեմարանի նոր շէնքը պատրաստ կ’ըլլայ իր արդիական յարմարութիւններով, տարբեր բաժիններու կողքին գրադարանը եւս կ’ունենայ իր յատուկ տեղը 9 հազար գիրքերով: Գլխաւոր նպատակը Ճեմարանի Գրադարանը «Միջին Արեւելքի Կեդրոնական Գրադարան» դարձնելն էր:

Մատենադարանը տարիներու ընթացքին կը հարստանայ ու կը ճոխանայ շնորհիւ բարեկամներու նուիրած անձնական հաւաքածոներուն: Այս գծով յատուկ աշխատանք կը տանին նաեւ իրերայաջորդ տնօրէնութիւնները, որոնք յատուկ պիւտճէ կը տրամադրեն հայկական եւ օտար այլազան պարբերականներով, գիրքերով եւ ձեռագիրներով հարստացնելու համար Ճեմարանի գրադարանը: Այս բոլորին զուգահեռ պէտք չէ մոռնալ նաեւ այն բոլոր մտաւորականները, որոնք իրենց հրատարակած գիրքերէն օրինակներ կը նուիրեն գրադարանին:
Այսօր աշակերտական գրադարանն ու հայագիտական մատենադարանը իր 40 հազարէ աւելի հատորներով եւ հայ մամուլի հաւաքածոներով, գրական եւ այլ արխիւներով կը գրաւէ Գ. յարկի «Հրաչ Դարբինեան» բաժանմունքը: Մամլոյ ճոխ հաւաքածոներէն, Համազգայինի եւ այլ արխիւներէն անխտիր կ’օգտուին լիբանանաբնակ, ինչպէս նաեւ հայրենիքէն եւ աշխարհի զանազան շրջաններէն եկող մասնագէտներ եւ գրագէտներ:

Ճեմարանի գրադարանը կը գործէ ամբողջ տարուան ընթացքին (դպրոցական տարեշրջանի եւ ամրան արձակուրդներուն), սակայն գրադարանի մնայուն ու հաւատարիմ այցելուները կը մնան Ճեմարանի աշակերտները: Անոնք գրադարան կ’այցելեն դասընկերներով՝ զբօսանքներուն կամ ազատ պահերուն, երբեմն ալ իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, կը կատարեն պրպտումներ օգտուելով բառարաններու եւ համայնագիտարաններու ճոխ հաւաքածոներէ. Գրադարանէն ներս կը կարդան կամ փոխ կ’առնեն գիրքեր, թերթեր, հայ եւ օտար լեզուներով հրատարակուող ամսաթերթեր, եւն…:

80 ամեայ Ճեմարանի գրադարանը արդարացուցած է իր հիմնադիրներուն նպատակը, կը գոհացնէ եւ կը բաւարարէ մեր նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն պահանջները: